2014-06-21 12:58:42

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը` մաֆիայէն սպաննուած երեք ամեայ մանուկին ծնողքին հետ` ''Այլեւս ոչ երբեք մաֆիայի զոհեր''։


Շաբաթ 26 յունիս 2014։ Քասսանօ Ալ Իոնիօ կատարած հովուական այցելութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպեցաւ, անցեալ յունուարին, 'նտրանկթա' կոչուած մաֆիայի ձեռքով սպաննուած երեք ամեայ մանուկին ընտանեկան պարագաներուն ու անոնց ուղղած իր հայրական խօսքին մէջ, ազդարարեց որ այսպիսի ոճրագործութիւններ չպատահին ''''այլեւս ոչ երբեք Մաֆիայի զոհեր'' ­ ըսաւ Քահանայապետը ներկաներուն վստահեցնելով իր մօտիկութիւնն ու աղօթքը մաֆիայի բոլոր զոհերուն համար։ Այս լուրը Ռատիովատիկանին հաղորդեց թեմի առաջնորդ գերապայծառ Կալանթինոն որ տարիներէ ի վեր պայքար կը մղէ մաֆիային դէմ, հրապարակաւ դատապարտելով անոր` ընկերութեան հասցուցած վնասները։








All the contents on this site are copyrighted ©.